5 Յունիսին Փարիզի քաղաքային խորհուրդը միաձայն ընդունած է «Արցախի ժողովուրդին եւ Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ ապաստանած արցախցիներուն հրատապ օգնութեան տրամադրման» վերաբերեալ բանաձեւ։ Այս մասին յայտնած են Ֆրանսայի մէջ ՀՀ դեսպանութենէն։
Բանաձեւին մէջ կ'ընդգծուի 2022-ի 12 դեկտեմբերէն ի վեր Ատրպէյճանի կողմէ Լաչինի միջանցքի ապօրինի արգելափակման հետեւանքով Արցախի 120000 բնակիչներու՝ մնացեալ աշխարհէն կտրուած ըլլալու հանգամանքը, յղում կ'ըլլայ 2020-ի 27 նոյեմբերին Արցախի Հանրապետութեան ճանաչման վերաբերեալ Փարիզի քաղաքային խորհուրդի կողմէ Ֆրանսայի կառավարութեանն ուղղուած կոչ-բանաձեւի ընդունման, Ֆրանսայի տարբեր վարչատարածքային միաւորներու կողմէ Արցախի բնակչութեան ցուցաբերուած օգնութեան, Փարիզի քաղաքապետարանի կողմէ հայ ժողովուրդին ուղղուած աջակցութեան եւ համերաշխութեան բազմաթիւ կոչերուն, Երեւան քաղաքի՝ Ֆրանքոֆոն քաղաքապետերու միջազգային միութեան անդամակցութեան եւ կը կարեւորուի Փարիզ քաղաքի կողմէ արցախահայութեան հերթական անգամ աջակցութեան տրամադրումը։
Քաղաքային խորհուրդը նշուած բանաձեւով նաեւ Փարիզի քաղաքապետին լիազօրութիւն կու տայ կոչ ընելու Ֆրանսայի այլ վարչատարածքային միաւորներուն եւ ՖՔՄՄ-ի անդամ օտարերկրեայ քաղաքներուն միանալու հրատապ աջակցութեան այդ նախաձեռնութեան, որու նպատակն է Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ ապաստանած արցախցիներուն աջակցիլը եւ Արցախի բնակչութեան մարդասիրական մեքենաներով սնունդ հասցնելը։