Փարիզի դատախազութիւնը պահանջած է ծայրայեղ աջակողմեան ֆրանսական «Ազգային միաւորում» (նախկին՝ «Ազգային ճակատ») կուսակցութեան խորհրդարանական խմբակցութեան ղեկավար Մարին Լը Փենը դատապարտել հինգ տարուան ազատազրկման, որմէ երեքը՝ պայմանական: Այդ մասին նոյեմբեր 13-ին յայտնած է BFM TV հեռուստաալիքը:
Եթէ դատարանն ընդունի մեղադրանքները, 56-ամեայ Լը Փենը նաեւ պիտի չկարենայ մասնակցիլ 2027 թուականին կայանալիք Ֆրանսայի նախագահի ընտրութեան, քանի որ անոր պիտի արգիլուի նոյն ժամկէտով զբաղցնել պետական պաշտօններ։ Մեղադրող կողմը նաեւ պահանջած է կուսակցութիւնը տուգանել երկու միլիոն եւրոյով։
Մարին Լը Փենի գլխաւորութեամբ Ֆրանսայի ծայրայեղ աջ «Ազգային միաւորման» ղեկավարութեան գործով դատավարութիւնը սկսած է սեպտեմբեր 30-ին՝ Փարիզի քրէական դատարանին մէջ: Լը Փենը եւ կուսակցութեան աւելի քան 20 ներկայացուցիչ կը մեղադրուին Եւրոմիութեան միջոցները յափշտակելու եւ Եւրոխորհրդարանի պատգամաւորներու օգնականներուն կեղծ աշխատանքի ընդունելու միջոցով կուսակցութիւնը գաղտնի ֆինանսաւորելու համար:
Այդ մեղադրանքով առաւելագոյն պատիժը մինչեւ տասը տարուան ազատազրկումն է։ Ընդհանուր վնասը գնահատուած է մօտ 7 միլիոն եւրօ։