Լիբանանի մէջ իր մահկանացուն կնքած է Լիբանանի ՍԴՀԿ-ի նուիրեալ անդամներէն՝ Մինաս Տագէսեան։
Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ հանգուցեալի մտերիմներէն։
Կը նշուի, որ Տագէսեան եղած է աշխոյժ մէկ անդամը ՍԴՀԿ-ի Լիբանանի «Ժիրայր Մուրատ» մասնաճիւղին, ուր մասնակցութիւն բերած է ազգային-կուսակցական կեանքին։
Ըլլալով եկեղեցասէր անձնաւորութիւն Տագէսեան եղած է նաեւ Պէյրութի Հաճըն շրջանի Սուրբ Գէորգ Եկեղեցւոյ թաղականութեան անդամ մշտական ներկայութիւն ըլլալով Հաճըն շրջանէն ներս ու արժանանալով շրջանակի յարգանքին ու համակրանքին։
Հանգուցեալը ունենալով իւրայատուկ սէր թատրոնի հանդէպ մաս կազմած է Ն.Ս.Մ.Մ. թատերական միաւորին եւ մասնակցութիւն բերած լիբանանահայ թատրոնի բեմերով հանդէս եկող թատերական խմբակներու գործունէութեան
1953 Թուականի ծնունդ Մինաս Տագէսեանի վերջին հրաժեշտի արարողութիւնը պիտի կատարուի յառաջիկայ շաբաթ օր, Հաճնոյ Սուրբ Գէորգ եկեղեցւոյ մէջ, ուրկէ ալ անոր մարմինը պիտի փոխադրուի եւ ամփոփուի Ֆըրն Ալ Շըպէք շրջանի ազգային գերեզմանատան մէջ։
Այս առթիւ մեր խորազգաց ցաւակցութիւնները կը յայտնենք հանգուցեալի բոլոր հարազատներուն եւ ի մասնաւորի ՍԴՀԿ Լիբանանի Վարիչ Մարմնի ատենապետ եւ թերթիս բարեկամ՝ Տիար Վանիկ Տագէսեանին