Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումի տարելիցի առիթով, France press գործակալութիւնը հրապարակած է աղէտի հետեւանքները թիւերու պատկերով:
Այսպէս աղէտալի պայթումին հետեւանքով գրանցուած են
214 զոհ, ըստ պաշտօնական տուեալներուն:
6500 վիրաւոր:
300 հազար մարդ ժամանակաւորապէս անտուն մնացած է պայթումէն անմիջապէս ետք:
70 հազարէ աւելի մարդ անգործ մնացած է:
73 հազար բնակարան վնասուած է:
9200 շէնք վնասուած է:
163 հազար դպրոց եւ կրթական կառոյցներ վնասուած են:
106 առողջապահական կառոյց, ներառեալ 6 հիւանդանոց եւ 20 դարմանատուն վնասուած են:
2750 թոն ամոնիաքի նիթրաթ, ըստ իշխանութիւններուն պահուած եղած է նաւահանգիստի պահեստանոցներուն մէջ եւ պատճառ դարձած պայթումին:
6 տարի այդ ամոնիաքի նիթրաթը պահուած եղած է նաւահանգիստի թիւ 12 պահեստանոցին մէջ:
Ըստ պայթումներու ուժգնութիւնը չափող Ամերիկեան հիմնարկին՝ պայթումի ուժը համազօր եղած է 3,3-4,5 աստիճան երկրաշարժի:
200 քիլոմեթր է հեռաւորութիւնը Լիբանանի եւ Կիպրոսի միջեւ, ուր լսուած են պայթումի ձայները:
5 օր ժամանակ սահմանած է Լիբանանի կառավարութիւնը կատարելու վարչական հետազօտութիւն պայթումի շուրջ:
Մինչեւ օրս որեւէ մէկը պատասխանատուութեան չէ ենթարկուած:
Պայթումէն 6 օր ետք, լիբանանեան կառավարութիւնը նախագահութեամբ՝ Հասսան Տիապի իր հրաժարականը ներկայացուցած է:
359 օր է, ժամանակաւոր կառավարութիւն մը կը ղեկավարէ Լիբանանը, նոր կառավարութիւն մը կազմելու քաղաքական ուժերու համաձայնութեան գալու բացակայութեան ֆոնին: 30 Յուլիսին, Նաժիպ Միքաթի նշանակուեցաւ վարչապետ եւ կոչուեցաւ կազմել նոր կառավարութիւն մը:
Նիւթը՝ Lebanonon կայքէն