image

Պայտընէն «սպառնալի՞ք» Սէուտական Արաբիոյ

Պայտընէն «սպառնալի՞ք»  Սէուտական Արաբիոյ

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն CNN-ին տուած հարցազրոյցի ժամանակ յայտարարած է, որ Սէուտական Արաբիոյ յարաբերութիւնները Միացեալ Նահանգներու հետ պիտի վնասուին՝ Ռիատի Ռուսիոյ հանդէպ ունեցած կեցուածքին պատճառով:

Խօսքը նախորդ շաբաթ OPEC+-ի խումբի երկիրներու յայտարարութեան մասին է, որմէ յայտնի դարձաւ, որ  նաւթ արդիւնահանող երկիրները, ներառեալ Սէուտական Արաբիան եւ Ռուսիան, անտեսելով ԱՄՆ-ի առարկումը, պիտի կրճատեն նաւթի արդիւնահանումը:

Նշենք, որ ԱՄՆ Սենատի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովի նախագահ Պոպ Մենենտեսն այս առնչութեամբ յայտարարած է, որ Միացեալ Նահանգներ պէտք է անյապաղ սառեցնէ համագործակցութիւնը Սէուտական Արաբիոյ հետ, ներառեալ զէնքի վաճառքը: Սէուտական Արաբիոյ արտաքին գործոց նախարար արքայազն Ֆէյսալ պըն Ֆարհանն ըսած է, որ ՕՊԵԿ+-ի որոշումը զուտ տնտեսական է եւ ընդունուած է միաձայն՝ անոր անդամ երկիրներու կողմէ:

Այս հանգամանքներուն մէջ Միացեալ Նահանգները մեղադրած է Սէուտական Արաբիան Ռուսիոյ համերաշխ ըլլալու յանձնաքով: Ամերիկացի պաշտօնեաները փորձած են արաբական աշխարհի իրենց ամենամեծ գործընկերոջ համոզել հրաժարիլ արտադրութեան կրճատման գաղափարէն, սակայն Սէուտական Արաբիոյ փաստացի կառավարիչ թագաժառանգ Մոհամմատ պըն Սըլմանն անդրդելի եղած է: