image

Պայթում Սայտայի մերձ. Կայ մէկ զոհ (Տեսանիւթ, Լուսանկար)

 Պայթում Սայտայի մերձ. Կայ մէկ զոհ (Տեսանիւթ, Լուսանկար)

 Աւելի ուշ հաղորդուեցաւ, որ զոհուած երիտասարդը կը կոչուի Ալի Թաուֆիք Ալ Ռըզ եւ ան անդամ է Խորհրդարանի նախագահ Նէպիհ Պըրիի առաջնորդած «Ամալ» շարժումին։

Այսօր արեւծագին պայթում մը լսուած է Լիբանանի հարաւային Սայտա քաղաքին մեր եղող «Պին Աֆուլ» աւանին մէջ։

Այս մասին «Արեւելք» տեղեկացաւ «Ալ Նահար»-ի կայքէն։

Մասնաւորապէս կը հաղորդուի, որ պայթումը տեղի ունեցած է Շիիթ «Ամալ» կուսակցութեան «Ֆաշաֆաթ ալ ռիսալա» միաւորի մէկ կեդրոնին մէջ, որ կը գտնուի աւանի թաղապետարանին կից։

 

Դէպքին հետեւանքով զոհուած է մէկ անձ եւ կան տասնեակ վիրաւորներ։

 Բանակային ուժեր պաշարած են դէպքի վայրը յաւելեալ քննութիւններ իրականացնելու նպատակով։ 

 Աւելի ուշ հաղորդուեցաւ, որ զոհուած երիտասարդը կը կոչուի Ալի Թաուֆիք Ալ Ռըզ եւ ան անդամ է Խորհրդարանի նախագահ Նէպիհ Պըրիի առաջնորդած «Ամալ» շարժումին։