Աւելի ուշ հաղորդուեցաւ, որ զոհուած երիտասարդը կը կոչուի Ալի Թաուֆիք Ալ Ռըզ եւ ան անդամ է Խորհրդարանի նախագահ Նէպիհ Պըրիի առաջնորդած «Ամալ» շարժումին։
Այսօր արեւծագին պայթում մը լսուած է Լիբանանի հարաւային Սայտա քաղաքին մեր եղող «Պին Աֆուլ» աւանին մէջ։
Այս մասին «Արեւելք» տեղեկացաւ «Ալ Նահար»-ի կայքէն։
Մասնաւորապէս կը հաղորդուի, որ պայթումը տեղի ունեցած է Շիիթ «Ամալ» կուսակցութեան «Ֆաշաֆաթ ալ ռիսալա» միաւորի մէկ կեդրոնին մէջ, որ կը գտնուի աւանի թաղապետարանին կից։
Այսօր առաւօտ պայթում մը գրանցուած է Սայտայի մերձ գտնուող «Պըն Աֆուլ» աւանին մէջ։ Զոհուած է մէկ անձ եւ կան տասնեակ վիրաւորներ #Lebanon @ALJADEEDNEWS @arevelk1 pic.twitter.com/6tDUGfruoQ
— arevelk.am (@arevelk1) April 12, 2022
Դէպքին հետեւանքով զոհուած է մէկ անձ եւ կան տասնեակ վիրաւորներ։
Բանակային ուժեր պաշարած են դէպքի վայրը յաւելեալ քննութիւններ իրականացնելու նպատակով։
Աւելի ուշ հաղորդուեցաւ, որ զոհուած երիտասարդը կը կոչուի Ալի Թաուֆիք Ալ Ռըզ եւ ան անդամ է Խորհրդարանի նախագահ Նէպիհ Պըրիի առաջնորդած «Ամալ» շարժումին։