Սուրիոյ մայրաքաղաք Դամասկոսի մերձ Սուրիացի բանակայիններ փոխադրող հանրակառքի մը մէջ ահաբեկչական պայթում գրանցուեցաւ։
Պայթումին հետեւանքով զոհուեցան բանակի 21 զինուորներ, իսկ 17 ուրիշներ (շատերը ծանրօրէն վիրաւորուած) փոխադրուեցան հիւանդանոց։
Կը նշուի նաեւ, որ ահաբեկչութիւնը կատարուած է Դամասկոսի գիւղական «Ալ Սապպուրա» շրջանին մէջ։
Երկիրը ամուր պահող եւ Սուրիոյ դէմ շղթայազերծուած պատերազմին հիմնական թիրախը կը շարունակէ մնալ անոր քաջարի բանակը ու այդ պատճառով է նաեւ, որ Սուրիոյ բարին չկամեցողներ նման զազիր եւ ահաբեկչական արարքներու կը դիմեն։
Լուրը՝ «Սանա»էն եւ ընկերային հարթակներէ։