ՀՀ Անվտանգութեան խորուհրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեանը կը հերքէ շրջանառուող տեղեկութիւնները, թէ իբր վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Մոսկուա վերջին այցի ծիրին մէջ Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ) առաջնորդներէն աջակցութիւն խնդրած է` Հայաստանի մէջ ընդդիմութեան ցոյցերու, անհնազանդութեան գործողութիւններու հետ կապուած:
Գրիգորեանը կառավարութեան նիստէն յետոյ լրագրողներու հետ ճեպազրոյցին, անդրադառնալով հարցին, մասնաւորապէս ըսաւ.
«Վարչապետի մասին կեղծ լուրերի տարափը վերջին շրջանում ահագնացել է նաեւ միջազգային մակարդակում, եւ բնականաբար, այդ լուրը եւս կեղծ է: Ուզում եմ արձանագրել, որ վարչապետ Փաշինեանը Հայաստանի ներքաղաքական բոլոր հարցերում միշտ էլ ապաւինել է հայ ժողովրդի կամքին: Նոյնիսկ Նոյեմբերի 9-ից յետոյ ստեղծած լուրջ ճգնաժամի ժամանակ նա ապաւինել է միայն ժողովրդի կամքին, եւ ճգնաժամին լուծումը տեսել է ներքաղաքական հաստատութենական կարողութիւնների շրջանակումէ»
Իսկ ինչ կը վերաբերի ընդդիմադիրներու անհնազանդութեան գործողութիւններուն` ԱԽ քարտուղարը շեշտեց, որ ցոյցերու կազմակերպիչները աւելի քան մէկ ամիս կ'իրացնեն բողոքի ցոյցեր կատարելու իրենց իրաւունքը, իսկ օրէնքի եւ օրինականութեան շրջանակներուն մէջ անոնց կայացման վերահսկողութիւնը կ'իրականացնէ ՀՀ ոստիկանութիւնը:
«Ակնյայտ է, որ ընդդիմութեան կազմակերպած բողոքի գործողութիւնները չեն ստացել հանրութեան աջակցութիւնը: Բնականաբար, բողոքի շարժումներու հանգուցալուծումը մենք բացառապէս տեսնում ենք Հայաստանի ներքաղաքական հաստատութենական միջոցներով», ըսաւ Գրիգորեան: