image

Պայրամով՝ Մոսկուա կը սպասուի

Պայրամով՝ Մոսկուա կը սպասուի

Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովը այսօր՝ 5 դեկտեմբերին, աշխատանքային այցով պիտի մեկնի Ռուսիոյ Դաշնութիւն։ Նախատեսուած է անոր հանդիպումը ռուս գործընկերոջ՝ Սերկէյ Լաւրովի հետ:

Այս մասին կը տեղեկացնէ ՌԴ արտաքին քաղաքական գերատեսչութիւնը։

«Կը նախատեսուի քննարկել երկկողմ համագործակցութեան վիճակը եւ հեռանկարները, ինչպէս նաեւ կարծիքներ փոխանակել տարածաշրջանային եւ միջազգային օրակարգի առաւել արդիական ուղղութիւններու վերաբերեալ, ներառեալ՝ ատրպէյճանա-հայկական յարաբերութիւններու կարգաւորումը»,- նշուած է հաղորդագրութեան մէջ:

Նաեւ նշուած է, որ Պայրամովի սպասուող այցը Ռուսիան կը դիտարկէ ռուս-ատրպէյճանական վստահալից քաղաքական երկխօսութեան շարունակման եւ փոխշահաւէտ համագործակցութեան հետագայ ընդլայնման ծիրէն ներս: