image

«Պատրաստ ենք առաջադրանքները կատարելու». Ռուսազգի զօրավար

«Պատրաստ ենք առաջադրանքները կատարելու». Ռուսազգի զօրավար

Բոլոր ինքնաթիռները, որոնք կը գտնուին «Էրեբունի» օդակայանին մէջ, պատրաստ են կատարելու խնդիրները՝ ըստ նշանակութեան: Այդ մասին յայտարարած է Երեւանի «Էրեբունի» օդակայանին մէջ տեղակայուած ռուսական օդային խարիսխի հրամանատար գնդապետ Ալեքսանտր Փեթրովը:

«Մենք աշխուժօրէն կը փոխգործակցինք ՀՀ Պաշտպանութեան նախարարութեան եւ օդագնացութեան վարչութեան հետ: Կը համագործակցինք նաեւ «Էրեբունի» օդակայանին եւ Կիւմրիի մէջ տեղակայուած գունդերու հրամանատարներուն հետ», նշած է գնդապետ Փեթրովը: