Հայաստանի անկախութեան 30-ամեակին առթիւ Ազգային Ժողովի բոլոր պատգամաւորները ստացած են միանուագ դրամական պարգեւատրում:
«Պատիւ Ունեմ» խմբակցութեան տարածած յայտարարութեան մէջ ըսուած է. «Արցախեան վերջին պատերազմին հետեւանքով զոհուած են հազարաւոր հայորդիներ, որոնցմէ շատերը ընտանիքի միակ կերակրողն էին, հազարաւոր պատերազմի մասնակիցներ մինչ օրս կարիք ունին որակեալ բժշկական օգնութեան, տասնեակ հազարաւոր տեղահանուածներ չունենալով մշտական տանիք եւ կայուն ապրուստի միջոց կ'ապաւինին պետութեան միջոցներէն եւ այլ աղբիւրներէ ստացուող օգնութիւններուն, ինչպէս նաեւ առկայ են բազմաթիւ այլ ընկերային խնդիրներ, որոնք հրատապ լուծումներ կը պահանջեն:
Հաշուի առնելով այս ամէնը, «Պատիւ Ունեմ» խմբակցութեան պատգամաւորները չեն կրնար ըլլալ այն ազգընտիր պատգամաւորներու շարքին, որոնք կը շարունակեն ստանալ պարգեւավճարներ, ապրիլ սովորական կեանքով՝ կարծես ոչինչ տեղի ունեցած է:
«Պատիւ Ունեմ» խմբակցութիւնը կը յայտարարէ, որ փոխանցուած պարգեւավճարները պիտի ուղղուին վերը նշուած ընկերային խնդիրներու լուծման»: