image

Պատերազմը շարք մը ուժերուն հարկաւոր է, որ հնարաւոր ըլլայ իշխանափոխութիւն ընել առանց ընտրութիւններու. Փաշինեան

Պատերազմը շարք մը ուժերուն հարկաւոր է, որ հնարաւոր ըլլայ իշխանափոխութիւն ընել առանց ընտրութիւններու. Փաշինեան

Յարգելի լրագրողներ, յարգելի եպիսկոպոսներ, Վեհափառ Հայրապետ, որ կ՚ըսէք շատ լաւ, այսօր ցերեկուընէ պիտի կասեցնենք սահամանզատման գործընթացը: Ի՞նչ պիտի ըլլայ ատկէ ետք, պիտի ըլլայ մէկ բան, պարզ բան, պիտի սկսի պատերազմ:

Այս մասին իր մամլոյ ասուլիսի ժամանակ ըսած է Նիկոլ Փաշինեանը:

«Թոյլ չտալ, որ տեղի ունենայ սահմանազատում, որի անխուսափելի հետեւանքը կը լինի պատերազմը, ընդ որում պատերազմն այդ պարագայում դելեգիտիմացուած չի լինի ինչ-որ առումով: Այն ուժերը, ովքեր պահանջում են սահմանազատումը դադարեցնել արտաքին որոշ ուժերի աջակցութեամբ, ամէն ինչ կ՚անեն, որպէսզի Հայաստանի նոր տարածքներ օկուպացուեն, դա օգտագործեն Հայաստանում քաղաքական փոփոխութիւններ անելու համար»,-ըսած է ան:

Փաշինեանի խօսքով՝ ընդդիմութեան յայտնի դէմքերէն մէկը կասկածի տակ կ՚առնէ Հայաստանի մէջ ազատ, արդար ընտրութիւններ իրականացնելու նպատակայարմարութիւնը, այսինքն կասկածի տակ կը դրուի Հայաստանի ինքնիշխանութիւնը, որովհետեւ ինքնիշխանութեան աղբիւրը ժողովուրդն է:  

«Պատերազմը ներքին եւ արտաքին մի շարք ուժերին հարկաւոր է, որպէսզի հնարաւոր լինի իշխանափոխութիւն անել առանց ընտրութիւնների, որովհետեւ միայն այդ սցենարն է, որ դա հաւանական է դարձնում, նոյն սցենարը գործում էր նաեւ 44-օրեայ պատերազմի ժամանակ»,- ըսած է ան: