44-օրեայ պատերազմի մասնակիցներ Նուէր Կիրակոսեանն ու Արթուր Աւագեանը, որոնք Ազատութեան հրապարակին մէջ արդէն մի քանի օր է, Արցախի փրկութեան համար մղուող պայքարի շրջանակին մէջ անժամկէտ հացադուլ յայտարարած էին, յայտարարեցին, որ իրենց առջեւ դրուած խնդիրը կը համարեն լուծուած եւ դուրս կու գան հացադուլէն, ինչի մասին հնչեցուցին յայտարարութիւն:
«Սակայն մենք անպայմանօրէն նորից հանդիպելու ենք, քանի որ մեզ այլեւս մի բան է յաւերժ կապում` մենք անկախութեան սերունդ ենք, եւ մենք եւս մէկ անգամ ասում ենք, որ Արցախը չի կարող եւ չի լինելու Ատրպէյճանի կազմում», կ'ըսուէր յայտարարութեան մէջ:
Յիշեցնենք, որ անոնք աւելի վաղ յայտարարած էին, որ հացադուլը կը դադրեցնեն միայն այն պարագային, երբ համարեն, որ կատարած են իրենց առջեւ դրուած խնդիրը, այն է` արթնցնել Անկախութեան սերունդի ներկայացուցիները` յանուն Արցախի, հասցնել մարդոց գիտակցութեան, որ Արցախը իրօք վտանգուած է եւ ժամանակն է դուրս գալու փողոց եւ փողոցին մէջ պայքարելու Արցախի փրկութեան համար: