image

Պաքուի մէջ. Ռուս յատուկ բանագնացի հանդիպումը Պայրամովին հետ

Պաքուի մէջ. Ռուս յատուկ բանագնացի հանդիպումը Պայրամովին հետ

Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովն ընդունած է Ռուսիոյ Արտաքին գործոց նախարարի հայ-ատրպէյճանական յարաբերութիւններու կարգաւորման հարցերով յատուկ ներկայացուցիչ Իկըր Խովաեւը: Այս մասին յայտնած է Ատրպէյճանի ԱԳՆ-ն։

Տեղեկատւութեան համաձայն՝ կողմերը քննարկած են հայ-ատրպէյճանական յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացը, միտքեր փոխանակած են Ատրպէյճանի եւ Ռուսիոյ երկկողմ օրակարգի, տարածաշրջանին մէջ տիրող իրավիճակի, այդ շարքին՝ հայ-ատրպէյճանական յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացի տարբեր հարցերու շուրջ, վստահութեան ամրապնդման միջոցառումներուն ուղղուած քայլերը, ինչպէս նաեւ ապագայ հեռանկարները:

Ընդգծուած է Ատրպէյճանի, Հայաստանի եւ Ռուսիոյ ղեկավարներու կողմէ ստորագրուած եռակողմ յայտարարութիւններու դրոյթներու, ինչպէս նաեւ կարգաւորման գործընթացի շրջածիրէն ներս ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններու լիարժէք կատարման կարեւորութիւնը տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան եւ անվտանգութեան ապահովման համար։

Հանդիպման քննարկուած են նաեւ երկկողմ հետաքրքրութիւն ներկայացնող այլ տարածաշրջանային հարցեր։