Իրանի գլխաւոր բանակցող Ալի Պաքիրի կը պնդէ, որ այս շաբաթ Վիեննայի բանակցութիւններուն մէջ լաւ յառաջընթաց գրանցուած է, եւ Իրանի արտաքին գործոց նախարար Հըսէյն Ամիր Ապտըլ Լահեան յոյս ունի, որ բանակցութիւններուն կողմերը պիտի գործեն «առողջ բանականութեան հիման վրայ»:
Պաքիրի յայտնեց, որ համատեղ կոմիտէն նիստ պիտի ունենայ այսօր, եւ քանի մը օր դադարէ յետոյ բանակցութիւնները պիտի վերսկսին։
«Վիեննայի բանակցութիւններուն մասնակցող միւս պատուիրակութիւններուն հետ իմ խորհրդակցութիւններէս յետոյ ես հանդիպեցայ միջուկային բանակցութիւններու Եւրոմիութեան համակարգող Էնրիքէ Մորային՝ իրավիճակը գնահատելու եւ հետագայ քայլերը քննարկելու համար», գրած է Պաքիրի թուիթըրեան իր էջով: