image

Պաղտատի մէջ. Առաջնորդ Հայր Սուրբը ընդունած է Ազգային Նախակրթարանի նորանշանակ Տնօրէնն ու Ուսուցչաց կազմը(Լուսանկար)

Պաղտատի մէջ. Առաջնորդ Հայր Սուրբը ընդունած է Ազգային Նախակրթարանի նորանշանակ Տնօրէնն ու Ուսուցչաց  կազմը(Լուսանկար)

Պաղտատի  Ազգային Առաջնորդարանի յարկին տակ Թեմակալ  Առաջնորդ Հայր Սուրբը ընդունած է Ազգային Նախակրթարանի նորանշանակ Տնօրէնն ու Ուսուցչաց  կազմը։

Այս մասին «Արեւելք» կը կարդայ  Իրաքի Հայոց Թեմի դիմատետրեան  էջէն, ուր մասնաւորապէս  գրուած է ՝

 

Ազգային նախակրթարանի 2023-2024 ուսումնական տարին  նոր թափով ու նոր տեսիլքով սկսելու նպատակով՝ Թեմիս բարեջան Առաջնորդ Հոգշ. Տ. Օշական Վրդ. Կիւլկիւլեանը Օգոստոսի 16ի առաւօտուն, Առաջնորդարանի դահլիճէն ներս ընդունեց Ազգային Նախակրթարանի նորանշանակ տնօրէն՝ դոկտոր Սապահ Իլիյան,  նախկին տնօրէնն ու  ուսուցչական կազմը:

Հանդիպման, որուն ներկայ եղան՝ Պասրայի հոգեւոր հովիւ՝ հոգշ. Տ. Ղեւոնդ աբղյ. Սաղաթէլեանը եւ կեդրոնական վարչութեան ատենապետ՝ պարոն Կարապետ Գալուստեանը՝ Առաջնորդ Հայր Սուրբը նախ շնորհակալութիւն յայտնեց դոկտոր Սապահին, որն ընդառաջած էր Իր եւ Կեդրոնական վարչութեան դիմումին եւ ընդունած  տնօրէնի պաշտօնը եւ շնորհաւորեց զայն մաղթելով բեղմնաւոր գործունէութիւն, ապա շնորհակալութիւն յայտնեց դպրոցի նախկին տնօրէն՝ պարոն Ալպէր Չոլաքեանին դպրոցի յարատեւման համար ներդրած իր երկարատեւ ծառայութեանը համար, խնդրելով  անորմէ շարունակելու իր գործը դպրոցէն ներս եւ իր փորձառութեամբ նեցուկ հանդիսանալու  նորանշանակ տնօրէնին: Այս առիթով Հայր Սուրբը նաեւ ուրախութեամբ եւ պարծանքով  յիշեց պագալորիայի քննութիւններուն մեր աշակերտութեան 100% տոկոսով արձանագրած յաջողութիւնը:

Տնօրէն՝  դոկտոր  Սապահ Իլիյան (Արաբերէն լեզուի մասնագէտ) շնորհակալութիւն յայտնեց իր նկատմամբ Առաջնորդարանի ցուցաբերած վստահութեան համար խոստանալով ջանք չխնայել վարժարանի մակարդակը բարելաւելու համար: