image

Գանատայի Գէմպրիճ քաղաքին մէջ. Սուրբ Պատարագ եւ երիտասարդ ՀՄԸՄ-ականներու մեծարում

 Գանատայի Գէմպրիճ   քաղաքին մէջ. Սուրբ Պատարագ եւ երիտասարդ ՀՄԸՄ-ականներու մեծարում

Վերահաստատելով ՀՄԸՄ-ի նուիրեալ անդամներուն պարգեւատրումի եւ աշխատելու նոր եռանդ հաղորդելու գեղեցիկ երեւոյթը, օրերս Գանատայի  Գէմպրիճ    (Օնթարիա նահանգ) քաղաքին մէջ տեղի ունեցած է շքանշաններու բաշխում՝ ՀՄԸՄ-ի նուիրեալ անդամ-անդամուհիներու։

Արարարողութեանց նախագահած է Թեմակալ Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Բաբգէն արք. Չարեանը, որ Սուրբ Պատարագի աւարտին ալ նուիրեալ անդամներուն կուրծքերը զարդարած է «Սուրբ Ղեւոնդ Երէց» շքանշանով։

«Արեւելք» այս մասին կարդաց Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ  Թեմի պաշտօնական էջէն, ուր մասնաւորապէս գրուած է ՝

Հովանաւորութեամբ՝ Գերաշնորհ. Տ. Բաբգէն Արք. Չարեանի եւ համախորհուրդ Գանատայի Հայոց Թեմի Ազգային Առաջնորդարանի եւ Հ.Մ.Ը.Մ. Գանատայի Շրջանային Վարչութեան, 2019-ին հաստատուեցաւ «Ս. Ղեւոնդ Երէց» կրօնական շքանշանը, իբրեւ խթան հայեցի դաստիարակութեան եւ քրիստոնէական կազմաւորման։

Կիրակի, 25 Փետրուար, 2024-ին, նախագահութեամբ Թեմիս Առաջնորդ՝ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեանի, Սուրբ Նշան Եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ: 

Օրուայ պատարագիչն ու քարոզիչն էր, Ազգային Առաջնորդարանէն ներս ծառայող՝ Արժանապատիւ Տ. Նշան Քահանայ Մանուկեան։ 

Յընթացս Ս. Պատարագին, ձեռամբ Առաջնորդ Սրբազան Հօր, «Ս. Ղեւոնդ Երէց» կրօնական շքանշանով պարգեւատրուեցան Հարաւային Օնթարիոյի մասնաճիւղերէն 4 Հ.Մ.Ը.Մ. սկաուտականներ։ 

Այս առթիւ, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը շնորհաւորեց յորդորելով՝ կարգապահութիւն, հնազանդութիւն եւ մանաւանդ հաւատարմութիւն՝ Աստուծոյ, հայրենիքին ու ընտանիքին։