Միացեալ Նահանգները եւ եւրոպական երկիրները լաւ կը զարգացնեն լրագրողները եւ լրատուամիջոցները, որպէսզի ապահովեն հասարակութեան հաւատարմութիւնը Ուքրանիոյ աջակցելու ճանապարհին։ Այս մասին շաբաթ օր «Ռուսիա-24» հեռուստաալիքին տուած հարցազրոյցին յայտարարած է ՌԴ արտաքին գործոց նախարար՝ Սերգէյ Լաւրով։
«Վերջին տարիներուն մենք արդէն տեսած ենք, որ Արեւմուտքի, յատկապէս ԱՄՆ-ի, բայց նաեւ Գերմանիոյ, Ֆրանսայի եւ եւրոպական այլ երկիրներու մէջ, շատ լաւ կը կարողանան լրագրողները կերտել, լրատուամիջոցներ կառուցել եւ հաւատարմութիւն ապահովել այն գէշի նկատմամբ, որ կը ցանկանայ իրականացնել այս կամ այն իշխանութիւնը», - ըսած է ան։
«Այդ կարելի է տեսնել ԱՄՆ նախագահ՝ Ճօ Պայտընի վարչակազմի օրինակով, ուր թէ՛ ելեկտրոնային լրատուամիջոցներու, թէ՛ հեռուստատեսութեան, թէ՛ տպագիր հրապարակումներու գրեթէ ողջ կազմը կառուցուած է հասարակական կարծիքը շարժելու համար՝ աջակցելու այն ամէնուն, ինչ ԱՄՆ կ'ընէ Ուքրանիոյ նկատմամբ»,– ըսած է Լաւրով։
Միաժամանակ նախարարը յիշեցուցած է, որ ԱՄՆ եւ Եւրոպան աջակցած են Ուքրանիոյ մէջ նէօնացիստական յեղաշրջման։