image

Նոր օժանդակութիւններ՝ Քիեւին

Նոր օժանդակութիւններ՝ Քիեւին

Եւրոյանձնաժողովը ԵՄ-ի խորհուրդ ներկայացուցած է Ուքրանիոյ 5 միլիառ եւրոյի նիւթական օգնութիւն տրամադրելու առաջակութիւն: Այդ մասին, ինչպէս կը տեղեկացնԷ «Արմէնփրէս»-ը, 7 սեպտեմբերին յայտնած է Եւրոյանձնաժողովի նախագահ Ուրսուլա ֆոն տեր Լէյեն:

«Ուքրանիոյ մէջ իրադրութիւնը կը պահանջէ մեր լիակատար աջակցութիւնը: Այսօր Եւրոյանձնաժողովն առաջարկած է Ուքրանիոյ տրամադրել լրացուցիչ 5 միլառ եւրօ մաքրօ-ֆինանսական օգնութիւն՝ բացի արդէն երկրին տրամադրուած 10 միլառ եւրօ նիւթական, մարդասիրական եւ ռազմական օգնութենէն»,- գրած է ան Twitter-ի՝ իր Էջին:

Յունիսին ԵՄ-ի երկիրները յայտարարած են Ուքրանիոյ արտօնեալ վարկերու տեսքով լրացուցիչ 9 միլիառ եւրօ լրացուցիչ տնտեսական օգնութիւն տրամադրելու պատրաստակամութեան մասին: Անորմէ ներկայիս յատկացուած Է 1 միլիառ եւրօ: Մնացած միջոցներն առայժմ հաւանութիւն չեն ստացած ԵՄ-ի խորհուրդի կողմէ: Եւրոյանձնաժողովի ներկայիս առաջարկութիւնն այդ խոստումը մասնակիօրէն իրականացնելու փորձ Է, եթէ այն ստանայ ԵՄ-ի խորհուրդի հաւանութիւնը: