image

Նոր մանրամասնութիւններ՝ ՔՊ գրասենեակի մօտ տեղի ունեցած միջադէպէն

Նոր մանրամասնութիւններ՝ ՔՊ գրասենեակի մօտ տեղի ունեցած միջադէպէն

Յուլիս 9-ին ոստիկանութեան Երեւան քաղաքի վարչութեան քրէական հետախուզութեան բաժնէն ներս տուեալներ ստացուած են, որ Էրեբունի փողոցի շէնքերէն մէկու մօտ երիտասարդ մը կրակոցներ արձակած է, եւ վիրաւոր քաղաքացի կայ:

Երեւան քաղաքի վարչութեան եւ էրեբունիի բաժնի քրէական հետախոյզները համատեղ միջոցառումներով պարզած են, որ ժամը 18.30-ին յիշեալ երիտասարդը կենցաղային հարցերու շուրջ վիճաբանած է մէկ այլ երիտասարդի հետ եւ անոր ուղղութեամբ արձակած է կրակոցներ: Տեսանկարահանող սարքերու ուսումնասիրութեամբ պարզուած են կատարուածի որոշ հանգամանքներ, իսկ դէպքի վայրի զննութեամբ յայտնաբերուած է 2 պարկուճ:

Ժամը 19.05-ին ոստիկանութեան կառավարման կեդրոն «Էրեբունի» բժշկական կենտրոնէն հաղորդում եղած է, որ սրունքի հրազէնային վիրաւորումով բուժօգնութեան տեղափոխուած է Նոր Արեշի բնակիչ 27-ամեայ երիտասարդ:

Ձեռնարկուած միջոցառումներու շնորհիւ պարզուած է, որ ժամը 18.30-ին հիւանդանոց տեղափոխուածի հետ վիճաբանած եւ անոր ուղղութեամբ ատրճանակով կրակոցներն արձակած է նոյն թաղի բնակիչ 25-ամեայ երիտասարդը: Ոստիկանութեան Էրեբունիի բաժնի քրէական հետախոյզները հետագայ միջոցառումներու շնորհիւ ժամը 19.40-ին Նոր Արեշի 44-րդ փողոցին վրայ անոր յայտնաբերած են, մարմնական վնասուածք պատճառելու եւ ապօրինի զէնք պահելու համար ձերբակալած ու ներկայացուցած են բաժին: Բաժնէն ներս անոր գօտկատեղէն ինկած է ատրճանակ:

Նախաձեռնուած է քրէական վարոյթ: Կազմուած փաստաթուղթերը ներկայացուած են քննչական բաժին: