«Նայեցէ՛ք Անոր դէմքին». Աշոտ Բագրատունի.(Լուսանկար)

«Նայեցէ՛ք Անոր դէմքին». Աշոտ Բագրատունի.(Լուսանկար)

 

Այսօր, առաւօտեան ժամերէն, ընկերային ցանցերու վրայ սկսան տարածուիլ լուսանկարները այն հայուհիին, որ կը ծառայէր հայոց բանակին մէջ, եւ որ հերոսաբար կռուելէ ետք գերի ինկած, խոշտանգման ենթարկուած ու նահատակուած էր։ Նշենք, որ մինչեւ այս պահը, տանջանքներու ենթարկուած հայուհիին անունը մինչեւ այս պահը չէ յայտարարուած. սակայն ինչպէս աւելի վաղ, զինուած ուժերու շտապի պետը յայտարարած էր, յստակ է, որ ան զինուորական է եւ գերեվարուած է ատրպէյճանական ուժերու կողմէ, որոնք բազմաթիւ տանջանքներու ենթարկելէ ետք, սպաննած են հայուհին։

Այս առումով, լիբանանահայ գործիչ՝ Աշոտ Բագրատունի ուշագրաւ գրառում մը կատարած է անգլերէնով, եւ անոր շահեկանութեան համար, այստեղ կը ներկայացնենք թարգմանաբար։ 

 

Տեսէ՛ք, նայեցէ՛ք անոր դէմքին։ Այս այն գինն է, որ մենք կը վճարենք, եւրոպացինե՛ր, ձեր կազին համար… ։ Յիշեցէ՛ք զինք եւ կրկնեցէք անոր անունը, երբ հանգիստ կը նստիք ատրպէյճանական կազով բանող վառարանի եւ տաքացուցիչի կողքին։ Բարձրաձայնեցէ՛ք անոր անունը եւ շնորհակալութիւն յայտնեցէ՛ք…

 

Յիշեցէ՛ք զինք, երբ կ՚ոգեւորուիք ՆԱԹՕ-ի ձեր դաշնակիցներու անօդաչու թռչող սարքերով, որոնք կը թռչին ձեր երկինքին վրայ: Հոլոքոսթի յիշատակի յաջորդ օրը, յիշեցէ՛ք, որ ձեր իսրայէլեան արտադրութեամբ անօդաչու թռչող սարքերն էին, որոնք պատճառ դարձան այս վայրագութեան:

 

Երբ կը շրջիք Մարմարիսի եւ Անթալիոյ մէջ, յիշեցէ՛ք, որ ձեր թրքական աւիատոմսը վճարուած է ա՛յս բանի համար: Թող ան խորապէս մտահոգէ ձեզ, թող ձեզ պատմէ ձեր երկերեսանի ըլլալու դառն ճշմարտութեան մասին:

 

Յոյսով եմ, որ ձեր երեխաները կը տեսնեն։ Յոյսով եմ, որ ձեր կիներն ու ընտանիքները կը տեսնեն։ Յոյսով եմ, որ անոնք կը տեսնեն, թէ ի՛նչ հրէշաւոր ձեռքեր կը սեղմէք՝ Եւրոպայի, Մերձաւոր Արեւելքի ձեր հանդիպումներուն ընթացքին, երբ ձեր սեփական ջերմութեան համար կը ստորագրէք այս հայուհիի կեանքի աւարտին համար...։ 

 

Չէք ուզեր ըսել անոր անունը, չէք ուզեր այս տեսնել, չէք ուզեր, որովհետեւ գիտէք, որ պատասխանատու էք։ Թող անոր աչքերուն քարերը ցոյց տան, թէ ի՛նչ կ՚արժէ մեր վրայ ատրպէյճանական կազը։ Անոր բերնին մատները ուղղուած են ձեզի, ձեր թաւշեայ յեղափոխութեան, ձեր 600,000 քուէներուն եւ ձեր  «խաղաղութեան դար»ուն …

 

117 տարիէ իմ ժողովուրդս կը կոտորուի եւ կ՚անդամահատուի, մինչ դուք կը կառուցէք ձեր գնացքի գիծերը, ձեր մետաքսի ճանապարհները, ձեր համեմունքներու ճանապարհները եւ «կը սնանէք», Եւրոպայի ձեր «հիւանդ մարդը»...

Դո՛ւք էք հիւանդները։ Ձեր սեփական աչքերով տեսէ՛ք, թէ ձեր գործարքները ինչ կորուստներ կը պատճառեն մեզի։ Ըսէ՛ք անոր անունը, թող իւրաքանչիւր տղամարդ, կին ու երեխայ տեսնէ, որ 21-րդ դարու մէջ, ամբողջ աշխարհի աչքերուն առջեւ, կին մը կը բռնաբարուի, կը կիսագլխատուի, կը դանակահարուի, աչքերը տեղէն հանուելով քարով կը փոխարինուին, մատները կտրուելով կը դրուին անոր բերնին մէջ՝ պաշտօնական բանակի, աշխարհակարգի անդամ բանակի կողմէ, Եւրոպայի «փրկիչին» հրամանով, ձեզի կազ հայթայթող՝ Ատրպէյճանի կողմէ։

 

Աշոտ Բագրատունի