ՆԱԹՕ-ն կազմակերպութիւն է, որ չի կրնար գոյատեւել առանց թշնամիի, եւ այսօր ալ նոր տարածքներ փնտռելով այն կը տեղաշարժի դէպի Ասիա, դէպի Չինաստանի սահմաններ։ Այս մասին «ՌԻԱ Նովոստի»ի հետ զրոյցի ժամանակ յայտարարած է Ռուսիոյ Դաշնութեան արտաքին գործոց փոխնախարար Ալեքսանտր Կրուշքոն։
«ՆԱԹՕ-ն այնպիսի կազմակերպութիւն է, որ չի կրնար գոյատեւել առանց թշնամիի: Առանց թշնամիի այն կը մեռնի: Ամենակարեւորը թշնամիի կերպար ստեղծելն է՝ մօտենալով այդ թէական թշնամիի սահմաններուն»,-ըսած է Կրուշքոն:
Անոր խօսքով՝ այժմ դաշինքը իր շահերու գօտի հռչակած է Ասիան, ուստի իրենք իրենց պաշտպանական ներուժը պիտի մօտեցնեն Չինաստանի սահմաններուն։