«Հըզպալլա»ի առաջնորդ Սէյիտ Հասան Նասրալլա «Աշուրա»ի սգատօնին առթիւ խօսք առնելով յայտարարեց, որ այսօր Իրանէն դէպի Լիբանան ուղղուած է նաւթ փոխադրող նաւ մը։
Շիիթ Առաջնորդը իր խօսքը Ամերիկային եւ Իսրայէլին ուղղելով յայտարարեց, որ նաւը կը համարուի «Լիբանանեան հող», այդպիսով ճանապարհը փակելով նաւուն դէմ , որեւէ թշնամական քայլի։
Նասրալլա նաեւ ըսաւ, որ գալիք նաւէն ետք այլ նաւեր ալ Պէյրութի ափ պիտի հասնին նշելով, որ այս փուլին իրենք նախընտրութիւնը տուած են մազութին։
Ան նաեւ սուր կերպով քննդատեց Ամերիկայի կեցուածքները նշելով, որ Լիբանանի դէմ մշուող «տնտեսական պատերազմ»ը կը կառավարուի Աաուքարէն (Աուքարի մէջ կը գտնուի Լիբանանի մէջ ԱՄՆ դեսպանատունը), նշելով նաեւ որ Լիբանանի մէջ ստեղուած դրութեան տագնապի վերածուելուն մէջ կան արտաքին մեծ գործօններ։
Նասրալլա իր խօսքի աւարտին դիտել տուաւ, որ իրենք եւս կը սպասեն Աուն-Միքաթի քննարկումներու արդիւնքին նշելով նաեւ, որ նոյն խնդրով արտաքին կողմեր կը փորձեն խանգարել նոր կառավարութեան մը կազմութիւնը Լիբանանի մէջ։
Աղբիւր ՝ «Արեւելք», Լիբանանեան աղբիւրներ։