Ռուսական կողմը պատրաստ է լսելու Միացեալ Նահանգներու նորընտիր նախագահ Տանըլտ Թրամփի առաջարկները՝ Ուքրանիոյ իրավիճակը կարգաւորելու համար, սակայն այս խնդիրին չի կրնար պարզ լուծում ըլլալ:
Այս մասին ըսած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխ նախարար Սերգէյ Ռեապքով «Ինթըրֆաքս»-ին տուած հարցազրոյցին:
«Մենք չափազանց զգոյշ, պատասխանատու եւ ուշադիր կը մօտենանք այս հարցով երկիրներու կողմէ առաջարկուող որեւէ գաղափարի:
Հասկնալի է, որ Ուքրանիոյ մէջ եւ անոր շուրջը տեղի ունեցող իրադարձութիւններուն հետ կապուած խնդիրներուն պարզ լուծում չի կրնար ըլլալ», - աւելցուցած է Ռեապքով։