image
Հրատապ լուրեր:

«Միութիւնը զօրութիւն է».ՀԲԸՄ-ը յիշատակեց Արցախի երկրորդ պատերազմի առաջին տարելիցը

 «Միութիւնը  զօրութիւն է».ՀԲԸՄ-ը յիշատակեց Արցախի երկրորդ  պատերազմի  առաջին տարելիցը

2020-ի Սեպտեմբերի 27-ին, Հայաշխարհը դաժան սթափում ապրեցաւ, մեր հայրենիքի ազգային պահովութեան ուղղուած սպառնալիքին դէմ հանդիման գտնելով ինքզինք: Այդ ճակատագրական օրուընէ ասդին, Հայաստանի եւ Արցախի ժողովուրդը, ամենածանր հետեւանքներ յաղթահարելու պարտադրուեցան: Հ.Բ.Ը.Մ.ը, դիմադրական անխախտ ոգիով եւ ապաքինումի դժուարին ընթացքը իրականացնելու հաստատակամութեամբ, կը զօրակցի անոնց:

Պատմական այս իրադարձութեան կապակցութեամբ, բաժնելով իր խորհրդածութիւնները, Նախագահ Պերճ Սեդրակեան կը նշէ՝ «Այդ օրը անկասկած պիտի յիշատակուի որպէս Հայոց Պատմութեան տխուր մէկ նոր պարբերութիւնը: Այսօր սակայն, մենք մեր ուշադրութիւնը կեդրոնացուցած ենք թշնամիին 44-օրեայ անմարդկային վայրագութիւններուն ենթարկուած աղիտեալներուն վրայ: Մեր մտածումները ուղղուած են այն ընտանիքներուն, որոնց սիրելիները զոհուեցան ռազմաճակատին վրայ: Անոնցմէ շատերուն նկատմամբ, որոնք գերեվարուած կը մնան, ռազմական յանձագործութիւնները կը շարունակուին, միջազգային օրէնքի եւ մարդկային պարկեշտութեան սկզբունքներու ոտնակոխումով: Մենք խորապէս հոգածու ենք մեր ծանրօրէն վիրաւորուած զինուորներուն հանդէպ եւ ակնածանքով կը վերաբերինք զոհուած հերոսներու արի հոգիներուն, որոնք յաւերժ պիտի ապրին հայ ժողովուրդի յիշողութեան մէջ»:

Հ.Բ.Ը.Մ.ը, միաժամանակ, հաղորդ է Հայերու նկատմամբ ցուցաբերուած համազգային միասնական ոգիին եւ զօրակցութեան, երբ ճգնաժամ մը յաղթահարելու հրամայականը կը ներկայանայ: Սփիւռքի տարածքին, նուիրատուներու, կամաւորներու, համակիրներու, գործակիցներու եւ բարեկամներու բազմաթիւ նախաձեռնութիւնները եւ օգնելու պատրաստակամութիւնը, միասնաբար կը մարմնաւորեն մեր կազմակերպութեան անժամանցելի կարգախօսը՝

ՄԻՈՒԹԻՒՆԸ ԶՕՐՈՒԹԻՒՆ Է։