Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշելը Պրիւքսէլի մէջ ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ եռակողմ հանդիպման աւարտին հանդէս եկած է յայտարարութեամբ։
Միշել նշած է Ատրպէյճանի կողմէ հայ գերիներու ազատ արձակման կարեւորութիւնը։
ԵՄ նախագահը խոստացած է, որ ԵՄ-ն պիտի շարունակէ զբաղուիլ այդ հարցով։
Քննարկուած հարցերէն Միշելն առանձնացուցած է սահմանազատման ու փոխադրային կապերու ապաշրջափակման վերաբերեալ քննարկումներուն գրանցուած առաջընթացները:
«Այս բոլոր քննարկումներով ես կ'ուզէի ընդգծել, որ կարեւոր է երկու կողմերու բնակչութիւնը տանիլ եւ պատրաստել երկարաժամկէտ կայուն խաղաղութեան։ Հանրային հաղորդագրութիւններն այս առումով չափազանց կարեւոր են. նման զգայուն իրավիճակի մէջ հանրութեան մէջ ըսուած իւրաքանչիւր բառ ակնյայտօրէն կը լսուի միւս կողմէն եւ կը քննարկուի»,– ըսուած է ԵՄ նախագահի յայտարարութեան մէջ:
ԵՄ նախագահը վերահաստատած է ԵՄ պատրաստակամութիւնը հետագային եւս աջակցելու երկարաժամկէտ կայուն խաղաղութեան հաստատման: Շարլ Միշել ըսած է, որ ԵՄ-ն պիտի շարունակէ ջանքեր գործադրել տնտեսական զարգացման յառաջխաղացման ուղղութեամբ՝ ի շահ երկու երկիրներու եւ անոնց բնակչութեան: