image

Միրզոյեան-Ֆիտան քննարկում՝ Անթալիոյ մէջ

Միրզոյեան-Ֆիտան քննարկում՝ Անթալիոյ մէջ

12 ապրիլին, Անթալիոյ դիւանագիտական համաժողովի ծիրէն ներս ՀՀ արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան հանդիպում ունեցած է Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտանին հետ։

Յայտնած են ՀՀ արտաքին գործոց նախարարութենէն։

Նախարարները քննարկած են Հայաստան-Թուրքիա երկկողմանի օրակարգի ընթացիկ կէտերը:

Զրուցակիցները միտքեր փոխանակած են տարածաշրջանային եւ միջազգային զարգացումներու շուրջ: