image

Լուի Պոնօ-Արմէն Գրիգորեան քննարկում՝ Երեւանի մէջ

Լուի Պոնօ-Արմէն Գրիգորեան քննարկում՝ Երեւանի մէջ

Օգոստոս 2-ին ՀՀ  Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեան ընդունած է Կովկասեան բանակցութիւններու հարցերով աւագ խորհրդական, ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի ամերիկացի համանախագահ Լուի Պոնօն: Այս մասին յայտնած է անվտանգութեան խորհուրդի գրասենեակը։

«Զրուցակիցները քննարկած են հայ-ատրպէյճանական յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացը եւ անդրադարձած Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդի իրաւունքներու եւ անվտանգութեան հարցերուն:

Ա. Գրիգորեանը ներկայացուցած է Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ստեղծուած մարդասիրական ճգնաժամն ու ատոր հետեւանքները, ընդգծելով՝ Լաչինի միջանցքի ապաշրջափակման հրամայականը:

Կողմերը նաեւ քննարկած են երկկողմ հետաքրքրութիւն ներկայացնող այլ հարցեր»,-ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ: