Ռուսիոյ Դաշնութեան Ալթայի Հանրապետութեան մէջ կայացող Բնութեան եւ շրջակայ միջավայրի պաշտպանութեան նուիրուած միջազգային համաժողովի շրջածիրէն ներս տեղի ունեցած է Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ռուսիոյ Դաշնութեան Կառավարութեան ղեկավար Միխայիլ Միշուսթինի հանդիպումը։
Այս մասին հաղորդագրութիւն տարածած է ՀՀ վարչապետի աշխատակազմը։
Միխայիլ Միշուսթինը շնորհակալութիւն յայտնած է ՀՀ վարչապետին միջազգային համաժողովին մասնակցելու հրաւէրն ընդունելու համար:
Հանդիպման ընթացքին անդրադարձ կատարուած է Հայաստան-Ռուսիա յարաբերութիւններու ներկայ ընթացքին։ Քննարկուած են երկկողմ համագործակցութեան օրակարգին, ԵԱՏՄ շրջածիրէն ներս փոխգործակցութեան վերաբերող, ինչպէս նաեւ երկուստեք հետաքրքրութիւն ներկայացնող այլ հարցեր։