Ռուսիոյ գլխաւոր դատախազ Իկոր Քրասնովը ժամանած է Մինսք, ուր պիտի մասնակցի ԱՊՀ անդամ պետութիւններու գլխաւոր դատախազներու համակարգող խորհուրդի 32-րդ նիստին, ինչպէս նաեւ դատախազութեան հիմնադրման 100-ամեակին նուիրուած միջոցառումներուն:
Այցի ընթացքին Իկոր Քրասնովը պիտի ունենայ շարք մը երկկողմ հանդիպումներ, պիտի կայանայ նաեւ եռակողմ հանդիպում Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի գլխաւոր դատախազներ Քամրան Ալիեւի եւ Արթուր Դաւթեանի հետ, որու ընթացքին պիտի քննարկուին նախապէս ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններու կատարման ընթացքը: