Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանը (ՄԻԵԴ) մերժած է Բերձոր քաղաքի եւ շրջակայ գիւղերուն վերաբերեալ Ատրպէյճանի դիմումը` արձանագրելով, որ կը բացակայի նոր միջանկեալ միջոց կիրարկելու անհրաժեշտութիւնը:
Միջազգային իրաւական հարցերու Հայաստանի ներկայացուցիչը յայտնած է, որ 18 օգոստոսին Ատրպէյճան դիմած ՄԻԵԴին` խնդրելով պարտաւորեցնել Հայաստանը, որպէսզի անմիջապէս եւ անվերապահ կերպով իր վերահսկողութեան տակ գտնուող ուժերը եւ կառոյցները ստիպէ դադրեցնելու Բերձոր քաղաքի եւ շրջակայ գիւղերու գոյքի ոչնչացումը, ներառեալ տուներու հրկիզումը, եւ տրամադրելու տեղեկատուութիւն ձեռնարկուած միջոցառումներուն վերաբերեալ: