image

Միայն, թէ Աֆղանիստանը ահաբեկիչներու բոյն չդառնայ

 Միայն, թէ Աֆղանիստանը  ահաբեկիչներու բոյն  չդառնայ

Աֆղանիստանի մէջ, առաջին քայլերը, զորս պիտի ձեռնարկէ արմատական «Թալիպան» շարժման ղեկավարութիւնը, դեռ պէտք է տեսնել եւ հասկնալ: Այս մասին յայտարարած է Ռուսաստանի Դաշնութեան նախագահի մամլոյ քարտուղար՝ Տմիթրի Փեսքով Արեւելեան տնտեսական համաժողովի ծիրէն ներս «Իզվեսթիա» -ին տուած հարցազրոյցին:

 

Փեքովի խօսքով՝ Ռուսաստանը առաջին հերթին շահագրգռուած է, որպէսզի կանխուի Աֆղանիստանի ահաբեկչական խմբաւորումներու ապաստան դառնալը:

 

«Թալեպները արդէն ձեւաւորած են իշխանութեան որոշակի կառուցուածք, կատարած են առաջին նշանակումները: Կարեւոր է, որ Աֆղանիստանը չդառնայ մեծ թիւով ահաբեկչական խմբաւորումներու ապաստան, ինչպէս ատիկա եղաւ 20 տարի առաջ», – ըսած է Փեսքով:

 

Մամուլի խօսնակը նաեւ նշած է, որ Աֆղանիստանի իշխանութիւնները պէտք է «եռանդուն միջոցներ» ձեռնարկեն թմրամիջոցներու ապօրինի շրջանառութիւնը զսպելու համար: