image

Զելենսքի մասնակից պիտի չդառնայ Թրամփ- Փութին հանդիպումին

Զելենսքի մասնակից պիտի չդառնայ Թրամփ- Փութին հանդիպումին

Փութինի հետ հանդիպումէն ետք ԱՄՆ նախագահ Թրամփը մտադիր է զանգել Ուքրանիոյ նախագահ Վլատիմիր Զելենսքիին եւ եւրոպացի առաջնորդներուն։ Ան այդ մասին ըսած է մամուլի ասուլիսի ժամանակ, հաղորդած է BBC-ն։

«Եթե լաւ գործարք ըլլայ, ես ատոր մասին պիտի պատմեմ եւրոպացի առաջնորդներուն, ՆԱԹՕ-ին եւ Զելենսքիին»,- ըսած է Թրամփը։

«Զելենսքին պիտի չգայ Ալասքա, քանի որ ան արդէն մասնակցած է բազմաթիւ հանդիպումներու»,-աւելցուցած է Թրամփը։

Ալասքայի գագաթնաժողովէն ետք յաջորդ հանդիպումը պէտք է ըլլայ Փութինի եւ Զելենսքիի կամ Փութինի, Զելենսքիի եւ Թրամփի միջեւ, ըսած է ԱՄՆ նախագահը։

Թրամփ յայտարարած է, որ մտադիր է Ռուսիոյ նախագահին Ուքրանիոյ մէջ պատերազմը դադրեցնելու կոչ ընել՝ երկու առաջնորդներու՝ ուրբաթ Ալասքայի մէջ կայանալիք հանդիպման ժամանակ։

Թրամփ հանդիպումը որակած է որպէս «նախնական»։ ԱՄՆ նախագահի խօսքով՝ Փութինը իսկապէս կ՚ուզէ դադրեցնել պատերազմը։ Սակայն Թրամփը նշած է, որ Ռուսիոյ առաջնորդը նախապէս հիասթափեցուցած է զինք։

«Կը կարծեմ՝ հանդիպումը լաւ կ՚ընթանայ, բայց կրնայ նաեւ վատ անցնիլ»,- եզրափակած է Թրամփը։

Ան յայտարարած է նաեւ, որ Ռուսիոյ եւ Ուքրանիոյ միջեւ տեղի պիտի ունենայ տարածքային որոշակի փոխանակում, եւ այդ Ուքրանիոյ համար ե՛ւ լաւ պիտի ըլլայ, ե՛ւ վատ։