image

Փաքիստան ահաբեկիչներու ապաստան տուող վայր է. Հնդկաստանի ԱԳՆ

Փաքիստան ահաբեկիչներու ապաստան  տուող վայր է. Հնդկաստանի ԱԳՆ

Փահալկամի մէջ ահաբեկչական յարձակումէն ետք, որու հետեւանքով զոհուած է 25 հնդիկ եւ մէկ Նեփալի քաղաքացի, Հնդկաստանի իշխանութիւնը սկսած է «Սինտուր» գործողութիւնը: Թիրախը Փաքիստանի եւ
Փաքիստանի գրաւած Քաշմիրի շրջանին մէջ տեղակայուած ահաբեկչական 9 ճամբարն է: Այդ մասին մամուլի ասուլիսի ժամանակ յայտնած է Հնդկաստանի Արտաքին գործոց նախարարի քարտուղար Վիքրամ Միսրին՝ նշելով, որ ահաբեկիչները կապ ունին Փաքիստանի հետ:

«Փաքիստանը կը շարունակէ ապաստան տալ ահաբեկիչներուն՝ հակառակ ամբողջ աշխարհի մէջ անոնց դէմ ուղղուած կոչերուն»,-ըսած է պաշտօնեան:

«Սինտուր» գործողութիւնը սկսած է փահալկամեան ահաբեկչութեան զոհերու նկատմամբ արդարութիւնը վերականգնելու համար: Հնդկաստանի ռազմաօդային ուժերը ճշգրիտ հարուածներ հասցուցած են եւ ոչնչացուցած ահաբեկիչներու 9 ճամբար, Քաշմիրի հինգ բնակավայրի չորս կառոյց»,- նշած է Միսրին:

Հնդկաստանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը պարզաբանած է, որ գործողութիւնը «եղած է նպատակային, հաւասարակշռուած եւ առանց իրավիճակի մագլցումի»: