image

Միացեալ Նահանգներու փոխնախագահն առաջիկային պիտի այցելէ Իսրայէլ

Միացեալ Նահանգներու փոխնախագահն առաջիկային պիտի այցելէ Իսրայէլ

Միացեալ Նահանգներու փոխնախագահ Ճէյ Տը Վենս եւ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի յատուկ բանագնաց Սթիւ Ուիթքոֆ գալ շաբաթ պիտի այցելեն Իսրայէլ՝ Կազայի հատուածին մէջ հակամարտութեան կարգաւորման շուրջ խաղաղութեան ծրագիրի իրականացումն առաջ մղելու նպատակով։

Այս մասին յայտնած է Իսրայէլի պետական ​​​​հեռարձակող Kan-ը՝ յղում ընելով աղբիւրին եւ նշելով, որ Վենսն Իսրայէլ պիտի ժամանէ 20 հոկտեմբերին։

«Ուիթքոֆ նաեւ յաջորդ շաբաթ պիտի ժամանէ Իսրայէլ՝ շարունակելու Միացեալ Նահանգներու նախագահի՝ Կազայի հատուածին մէջ պատերազմը դադրեցնելու ծրագրի առաջխաղացումը»,- ըսուած է պետական ​​հեռարձակողի հաղորդագութեան մէջ։