image

Միացեալ Նահանգներէն բանակցութիւնները վերսկսելու կոչ

Միացեալ Նահանգներէն բանակցութիւնները վերսկսելու կոչ

Ուաշինկթընը մտահոգուած է Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի սահմանին իրավիճակի մասին հաղորդագրութիւններով, կոչ կ'ընէ կողմերուն դադրեցնելու ռազմական գործողութիւնները եւ վերսկսելու բանակցութիւնները, այդ շարքին՝ Եւրոպայի անվտանգութեան եւ համագործակցութեան կազմակերպութեան (ԵԱՀԿ) միջոցով։ Այս մասին յայտնած է Պետական քարտուղարութեան ներկայացուցիչը։

«Այսօր մենք տեսանք Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ ռազմական գործողութիւններու մասին տագնապալի հաղորդագրութիւններ: Մենք կոչ կ'ընենք Հայաստանին եւ Ատրպէյճանին անյապաղ դադրեցնելու ռազմական գործողութիւնները եւ վերսկսելու առարկայական բանակցութիւնները, այդ շարքին՝ ԵԱՀԿ Մինսքի խմբակի համանախագահներու հովանիին ներքոյ՝ որոնելու համապարփակ լուծումներ բոլոր չլուծուած հարցերուն համար՝ այս կամ այն կերպ կապուած ղարաբաղեան հակամարտութեան հետ», ըսած է ան։