Հինգշաբթի՝ 1 փետրուարին, խոշոր հրդեհ տեղի ունեցած է Վայոց Ձորի մարզին մէջ։
Ժամը 21։40-ի սահմաններուն ՀՀ Ներքին գործոց նախարարութեան Փրկարար ծառայութեան 911 ճգնաժամային կառավարման կեդրոն ահազանգ ստացուած է, որ Ջերմուկ քաղաքի մէջ՝ Արփա-Սեւան թունելի մօտակայքը, կ'այրի անասնագոմի տանիք եւ տանիքի տակ կուտակուած անասնակերը:
Պարզուած է, որ հրդեհը բռնկած է Ջերմուկ քաղաքի Գետափնեայ փողոցի վերջնամասը գտնուող անասնագոմի տանիքին մէջ՝ այրած է տանիքի փայտեայ կառուցատարները, տանիքի տակ պահեստաւորուած անասնակերը։
Այրած է մօտ 300 հակ անասնակեր եւ մօտ 500 քմ անասնագոմ։