image

«Մեր վերջին հեռաձայնը արդէն մնաք բարովդ էր ինծի». Խաչիկ Տէտէեանի սրտի խօսքը

«Մեր վերջին հեռաձայնը արդէն մնաք բարովդ էր ինծի». Խաչիկ Տէտէեանի սրտի խօսքը

 Լիբանանահայ բանաստեղծ, հասարակական գործիչ Խաչիկ Տէտէեանն կարճ սրտի խօսք մը գրած է օրերս մահացած անուանի եւ յարգուած մտաւորական Ժիրայր Դանիէլեանի յիշատակին։ 

Կը ներկայացնենք գրութիւնն ամբողջութեամբ յիշեցնելով, որ «Արեւելք» երէկ հանգամանօրէն անդրադարձած էր Ժիրայր Դանիէլեանի մահուան։

 

 

 

Դուն ալ դարձար յաւերժի ճամբորդ, սիրելի Ժիրայր:

Հատորներ լեցնող յուշեր ու յիշատակներ կը ձգես ետիդ: 

Գեղեցիկ յիշատակներու դրուագներ, ճոխ ու միշտ համեմուած հիմորով, կատակներով ու սրամտութիւններով: 

Եղար անկեղծ բարեկամ, գրչի ու մտքի ընկերակից ու գործակից, դարձար տիրական ներկայութիւն ազգային, կրթական, հասարակական մեր կեանքին մէջ: Տուիր շունչէդ ու գիտութենէդ, ազնուօրէն ու անսակարկ, անանձնական սիրով մը, որ արդիւնք էր հաւատքի ու նուիրումի մեծութեան: Չյուսալքուեցար, չնեղացար՝ երբ մարդիկ փորձեցին քեզ ընկճել իրենց մանր արարքներով: Մնացիր հպարտ ու բարձր՝ կաղնիի մը նման: Յարգեցին քեզ, նոյնիսկ երբ խոցեցին: Որովհետեւ, մարդ էիր, իսկական մարդ, լիիրաւ հայ՝ ամբողջական նուիրումով, անխախտ հաւատքով, որ գործէն ու աշխատանքէն անդին, մտաւորականի իսկական արժանիքը կը կրէր:

Քեզ կորսնցուցինք բոլորս: Քեզ կորսնցուցին՝ տիկին Զուարդը, որ մնաց կողքիդ միշտ, առանց որուն, քայլերդ պիտի չըլլային մշտապէս հաստատ ու աներեր: Դուստրերդ` Մարալն ու Արփին, տիկին Գոհարը, որուն նկատմամբ յարգանքդ եւ հպարտութիւնդ անսահման էր: Խաչատուրեան եղբայրները, որոնց մասին կը յիշէիր միշտ քու խօսքերուդ մէջ։ Կորսնցուցին քեզ գրչի եղբայրներդ, ուսանողներդ՝ որոնց դաստիարակութեան անխոնջ մշակն էիր ու յարգուած տնօրէնը։ Կորսնցուց քեզ Կաթողիկոսարանը, իր Գահակալով, միաբանութեամբ ու անձնակազմով: Բոլորս կորսնցուցինք քեզ, ու անդառնալի կորուստդ պիտի աւելի ու աւելի զգանք ամէն օր մեր շուրջ: Կորսնցուց քեզ ընտանիքս, որուն հարազատ բարեկամն էիր դուն եւ տիկին Զուարդը: 

Նաւահանգիստին պայթումը խոցեց քեզ: Ահաւոր էր պահը ու սիզբը վիպերգութեան աւարտին: Արժանի չէիր այդ ողբերգութեան: Երանի տունը չըլլայիք: Քու սիրած Լիբանանդ անգամ քեզ արժանի չէր: Քաղաքացիական ամբողջ պատերազմը ապրած մարդ, որ ընկրկիլ չգիտցաւ, վտանգեց իր կեանքը հայ վարժարանին համար, իր ծառայութեան մէջ չթերացաւ, մնաց պատնէշի վրայ միշտ, գիտակից ու նուիրեալ անձնազոհութեամբ մը, կրեց իր բաժինը այդ ողբերութեան: Անցնող երկու տարիներդ դարձան ցաւի ու յուսալքումի տարիներ, բայց եղար ընտանիքիդ կողքին, անոնց սիրոյն ու գուրգուրանքին ներքեւ: 

Այնքան տխուր է պահը, սիրելի Ժիրայր: 

Պիտի յիշենք քեզ միշտ գեղեցիկ յիշատակներովդ, կատակներովդ ու սրամտութիւններովդ: Ուրիշները դեռ կը գրեն վաստակիդ մասին, արժանիքներուդ մասին: Պիտի գրեն ԿԱՄԱՐ երեւոյթին մասին, մամուլի գծով թողած վաստակիդ մասին, գրական ու խմբագրական, բանասիրական որոնումներուդ մասին ու շատ մը բաներու: Գնա՛ միացիր Սարգիսին, Պէպոյին, Յարութին, Արամին ու միւսներուն, Լիբանանի քու գրչի սիրելի ընկերներուդ. ըսէ՛ որ իրենց ձգած պարապը կը զգանք անդառնալիօրէն ու տեղ բաց գալիքներուն: Երթաս բարով դէպի անհունները լոյսին: Ես քեզի պիտի ըսեմ ցտեսութիւն միայն: Մեր վերջին հեռաձայնը արդէն մնաք բարովդ էր ինծի, որուն համար երախտապարտ եմ քեզի:

Սիրելիդ՝ 

Խաչիկ Տէտէեան