image

«Մենք Ուքրանիոյ եւ Ռուսիոյ միջեւ տարբերութիւններ չենք դներ». Վ. Փութին

«Մենք Ուքրանիոյ եւ Ռուսիոյ միջեւ տարբերութիւններ չենք դներ». Վ. Փութին

Ռուսիոյ Դաշնութեան նախագահ Վլատիմիր Փութինը յայտարարած է, որ Ռուսիան երբեք չէ տարանջատած Ռուսիան եւ Ուքրանիան, ռուսերը եւ ուքրանացիները, եւ անոնց համարած է մէկ ժողովուրդ, գրած է kommersant.ru-ն:

Ռուսիոյ ղեկավարի խօսքով՝ պատմականօրէն այնպէս եղած է, որ Ուքրանիոյ մէջ ապրող մարդոց ճնշող մեծամասնութիւնը, ինչպէս նաեւ Ռուսիոյ մէջ բացարձակ մեծամասնութիւնը միշտ հաւատացած է, որ ատոնք իրականութեան մէջ նոյն բանն են։

«Մենք երբեք տարբերութիւն չենք դրած ռուսերու եւ ուքրանացիներու միջեւ, Ռուսիոյ եւ Ուքրանիոյ միջեւ»,-ըսած է պետութեան ղեկավարը Եքաթերինպուրկի մէջ «Ուրալվակոնզավոտի» աշխատակիցներու հետ զրոյցին:

Փութինի խօսքով՝ այս մօտեցումը կը կիսէ Ռուսիոյ Դաշնութեան քաղաքացիներու մեծ մասը։ Ան աւելցուցած է, որ ծայրայեղ ազգայնականութեան եւ նացիզմի որեւէ դրսեւորման դէմ պէտք է պայքարիլ։

Ան նշած է, որ Հայրենական մեծ պատերազմէն ետք «Հիթլերի հետ համագործակցող նացիստական տարրերը» Ուքրանիայէն տեղափոխուած են Միացեալ Նահանգներ եւ Գանատա։

«Եւ մեր թշնամին անոնց վրայ խաղադրոյք կատարեց»,-ըսած է Ռուսիոյ նախագահը։

Անոր խօսքով, Խորհրդային Միութեան փլուզումէն ետք Ուքրանիոյ մէջ իշխանութեան եկած են մարդիկ, որոնք կը յարին հակառուսական տրամադրութիւններուն։

Լրագրող Թաքըր Քարլսընին տուած հարցազրոյցին մէջ Վլատիմիր Փութինն ըսած էր, որ «ուքրանացի» բառը կը նշանակէ մարդ, որ կ՚ապրի նահանգի ծայրամասերուն մէջ։ Ուքրանացիները, անոր խօսքով, յստակ ցեղային խումբ չէին ներկայացներ: