Մենք շատ մօտ ենք Իրանի հետ միջուկային համաձայնութեան հասնելուն, ես կ՚ուզեմ փակել Իրանի հարցը. այս մասին Mehr գործակալութեան հաղորդմամբ, ըսած է Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփը՝ մեկնաբանելով Թեհրանի հետ անուղղակի բանակցութիւններու ընթացքը:
«Կը սպասուի, որ մենք շատ շուտով հասնինք համաձայնութեան։ Ես կ՚ուզեմ փակել Իրանի գործը: Կը կարծեմ՝ մենք ատոր պիտի հասնինք՝ առանց ռումբեր նետելու»,-աւելցուցած է Թրամփ:
Օրերս Միացեալ Նահանգներու նախագահը հերքած էր լրատուամիջոցներու մէջ տարածուած տեղեկութիւնն այն մասին, որ ինքը կանխած է Իսրայէլի հարուածն Իրանի միջուկային կառոյցներուն:
«Ոչ, այդ ճիշդ չէ, ես անոնց չեմ կանգնեցուցած: Բայց ըրած եմ այնպէս, որ այդ անոնց (Իսրայէլին-Խմբ.) յարմար չըլլայ, քանի որ կը կարծեմ՝ կրնանք գործարք կնքել առանց յարձակելու: Յոյսով եմ՝ կրնանք: Հնարաւոր է, որ մենք ստիպուած ըլլանք յարձակիլ, որովհետեւ Իրանը չի կրնար միջուկային զէնք ունենալ: Բայց ես իրենց (Իսրայէլին-Խմբ.) համար յարմարութիւն չեմ ստեղծած, բայց «ոչ» ալ չեմ ըսած: Ի վերջոյ, ես կը պատրաստուէի թողել այդ ընտրութիւնը անոնց վրայ, բայց ըսի, որ աւելի շատ կը նախընտրէի գործարքը, քան ռումբերը նետելը», - մանրամասնած է Թրամփ:
Միացեալ Նահանգներու նախագահը նաեւ աւելցուցած է, որ չի վախնար, որ Իսրայէլի վարչապետ Բենիամին Նաթանիահուն կրնայ իրեն պատերազմի մէջ ներքաշել:
Թրամփ կը պահանջէ, որ Իրանը միջուկային ծրագիրը չզարգացնէ՝ միջուկային զէնք ստեղծելու համար, մինչդեռ Թեհրանը կը պնդէ, որ իր ծրագիրը բացառապէս խախաղ բնոյթ կը կրէ: