image

«Մենք կը դատապարտենք Ատրպէյճանի գրոհը».Գերմանիոյ խրոխտ խօսքը

«Մենք կը դատապարտենք Ատրպէյճանի գրոհը».Գերմանիոյ խրոխտ խօսքը

Ատրպէյճանն ընտրած է տեղւոյն մէջ ռազմական ուժով իրավիճակ փոխելու ճանապարհը: Գերմանիան վճռականօրէն կը դատապարտէ Պաքուի ռազմական յարձակումը եւ կոչ կ'ընէ վերջինիս վերջնականապէս եւ մշտապէս դադրեցնել ռազմական գործողութիւնները՝ ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդի նիստին յայտարարած է Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարար Աննալենա Պերպոքը:

«Քաղաքացիական բնակչութիւնը պաշտպանելու ամբողջական պատասխանատւութիւնը կը կրէ Ատրպէյճանը»,-ըսած է Պերպոքը: Ան աւելցուցած է, որ Ղարաբաղէն հայերու հարկադիր արտագաղթն անընդունելի է:

Գերմանիոյ Արտաքին գործոց նախարարը շեշտած է՝ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ինքնիշխանութիւնը եւ տարածքային ամբողջականութիւնը պէտք չէ դրուի հարցականի տակ:

Միեւնոյն ժամանակ, Պերպոքն ընդգծած է. «Որեւէ երկիր պէտք չէ օգտագործէ այս իրավիճակը՝ Հայաստանի ժողովրդավարութիւնն ապակայունացնելու նպատակով»: