image

Մենք կ՚աջակցինք Հարաւային Կովկասի մէջ խաղաղութեան եւ անվտանգութեան ապահովման ուղղուած ջանքերուն․ Եգիպտոսի նախագահ՝ Սիսին

Մենք կ՚աջակցինք Հարաւային Կովկասի մէջ խաղաղութեան եւ անվտանգութեան ապահովման ուղղուած ջանքերուն․ Եգիպտոսի նախագահ՝ Սիսին

Գահիրէի մէջ տեղի ունեցած է Ատրպէյճանի եւ Եգիպտոսի նախագահներու հանդիպում: Իլհամ Ալիեւի եւ Ապտ ալ Ֆաթթահ ալ Սիսիի ներկայութեամբ գործակցութեան զարգացման փաստաթուղթեր ստորագրուած են մարզանքի, ուժանիւթի, արտահանման, ներդրումներու, տնտեսութեան, տեղեկատուական ճարտարագիտութեանց եւ այլ ոլորտներու մէջ: Նախագահներու հանդիպումէն յետոյ կայացած մամուլի ասուլիսին Սիսի տեղեկացուցած է, որ օրակարգին վրայ եղած են միջազգային եւ տարածաշրջանային հարցեր:

«Անգամ մը եւս ընդգծած  եմ Հարաւային Կովկասի մէջ խաղաղութեան եւ անվտանգութեան ապահովման ուղղուած ջանքերու կարեւորութիւնը եւ յայտնած այդ ջանքերուն մեր աջակցութեան մասին»,- նշած է Եգիպտոսի նախագահը: Ան համոզում յայտնած է, որ Երեւան-Պաքու կարգաւորման գործընթացը կը նպաստէ տարածաշրջանի երկիրներու զարգացման:

Ալիեւն ալ յայտարարած է, որ Հայաստանը եւ Ատրպէյճանը որոշակի յաջողութիւններու հասած են սահմաններու յստակեցման հարցով: «Կը գնահատենք ասիկա որպէս դրական փաստ»,- ընդգծած է Ատրպէյճանի նախագահը: