Մեղրի համայնքին մէջ կայացած ՏԻՄ ընտրութիւններուն նախնական տուեալներով յաղթած է «Հանրապետութիւն» կուսակցութիւնը:
Հանրապետութիւն կուսակցութիւնը ստացած է ձայներու 42,8 տոկոսը, «Քաղաքացիական պայմանագիր»-ը՝ 32,8 տոկոսը, Ազատական կուսակցութիւնը՝ 14.4 տոկոսը, «Ապրելու երկիր» կուսակցութիւնը` 9,8 տոկոսը:
Նշենք, որ կուսակցության ցուցակը կը գլխաւորէր Բագրատ Զաքարեանը:
Մեղրի համայնքի համամասնական ընտրութիւններուն իրենց թեկնածուները առաջադրած էին Ազատական կուսակցութիւնը, «Ապրելու երկիր» կուսակցութիւնը, «Հանրապետութիւն» եւ «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութիւնները։