image
Հրատապ լուրեր:

«Մեղրաշունչ Պատումներ». Լոյս տեսած է Մեղրիկ Սրբազանի հատորը (Լուսանկար)

«Մեղրաշունչ Պատումներ». Լոյս տեսած է Մեղրիկ Սրբազանի հատորը  (Լուսանկար)

Օրերս լոյս տեսած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ  նորոգ  հանգուցեալ միաբաններէն ՝ Տ. Մեղրիկ եպս. Բարիքեանի «Մեղրաշունչ Պատումներ» խորագրեալ  հատորը։

Հատորը  կը պարփակէ Սրբազանին հոգեւոր  խորհրդածութիւնները։

Կը նշուի նաեւ, որ հատորին հասոյթը պիտի ուղղուի կարօտեալ ընտանիքներու։ 

Յիշեցնենք, որ Գանատայի Թեմի  երբեմնի Առաջնորդ,   տարբեր ոլորտներու ու մասնաւորապէս հայ հոգեւոր  երաժշտութեան աշխարհին մէջ մասնագիտական պրպտումներ կատարած ու երգչախումբեր ղեկավարած  ի բնէ Պէյրութցի Սրբազանը  վախճանած էր  «Քովիտ»ի հետեւանքով ծանր  սուգի մատնելով մասնաւորապէս Անթիլիասի  Սուրբ Աթոռն ու հայ եկեղեցւոյ շրջանակները ու նաեւ զինք ճանչցած ու իր հետ գործունէութիւն ծաւալած  բարեկամներն ու լայն շրջանակը։

Յիշատակը միշտ վառ մնայ հոգելոյս Տ. Մեղրիկ Սրբազանին։