image
Հրատապ լուրեր:

Մարդասիրական օգնութիւն տեղափոխող բեռնատարները սկսած են մուտք գործել Կազայի հատուած

Մարդասիրական օգնութիւն տեղափոխող բեռնատարները սկսած են մուտք գործել Կազայի հատուած

Մարդասիրական օգնութիւն տեղափոխող առաջին բեռնատարները զինադադարի ուժի մէջ մտնելէն ետք Եգիպտոսի եւ Կազայի սահմանին գտնուող «Ռաֆահ» անցակէտով սկսած են մուտք գործել Կազայի հատուած։ Այս մասին հաղորդած է «Al Qahera News» հեռուստաալիքը։

«Օգնութիւնով բեռնուած բեռնատարները սկսած են Կազայի հատուած մուտք գործել «Ռաֆահ» անցակէտով», - ըսուած է հեռուստաալիքի յայտարարութեան մէջ:

Նախատեսուած է, որ այսօր Կազա մուտք կը գործէ 200 բեռնատար։