Հայաստանի մեծ բարեկամ (ինքնահռչակ) ա քիչ առաջ ոտք դրաւ Պաղտատի հողին։
Օդակայանին մէջ Մաքրոն դիմաւորուեցաւ Իրաքի վարչապետ Մուսթաֆա Ալ Քազէմիին կողմէ, որ վերջին ամիսներուն (գրեթէ մէկ տարի) կարեւոր գործի է։
Պաղտատ կ՚ուզէ իր դերին նոր հմայք տալ ու նաեւ նպաստել Թեհրան- Ռիատ յարաբերութեանց կարգաւորմանը (անշուշտ եթէ արեւմուտքը քիթը չխոթէ եւ չխառնէ այդ ամէնը)։
Ուշագրաւ է նաեւ, որ սոյն ժողովին կը մասնկացի Իրանի նորանշանակ ԱԳ նախարար ՝ Հուսէյն Ամիր Ապտըլ Լահեան, որուն անունը դեռ շատ պիտի լսենք, որպէս կարող եւ ճարտար դիւանագէտ։
Մաքրոն այս այցը կը կատարէ նաեւ Փարիզի «նաւթային հոտառութեան» իբրեւ հետեւանք, եւ թէ ինչքան պիտի ըլլայ Ֆրանսայի Իրաքի մէջ նաւթի չափաբաժինները։
Նոյն խաղն է, սակայն այլ օր ... Կը յուսամ միայն, որ Պաղտատ, Թեհրան եւ Ռիատ շատ լաւ կընկալեն համաձայնութեան մը գալու անհրաժեշտութեան այս «ոսկեայ առիթ»ը։
Նիւթը՝ Սագօ Արեան լրագրողի էջ-էն