image

Մանտաթներու յանձնելու հարցը մեր օրակարգէն դուրս չէ. Արծուիկ Մինասեան

Մանտաթներու յանձնելու հարցը մեր օրակարգէն դուրս չէ. Արծուիկ Մինասեան

Որեւէ բան մեզ չի կաշկանդեր մանտաթները վայր դնելու։ Այս մասին յայտարարեց ԱԺ «Հայաստան» խմբակցութեան քարտուղար Արծուիկ Մինասեանը։

«Մենք մանտաթներն օգտագործելու ենք բոլոր հնարաւոր ելքերով, այդ թւում՝ բացայայտելով այս իշխանութիւնների ապօրինութիւնները, ազգադաւ լինելը, իրականացնելու ենք այն բոլոր գործողութիւնները, որոնց հնարաւորութիւնը տալիս է մանտաթը՝ ՍԴ դիմել, ԱԺ-ում հարցեր պարտադրել եւ բազմաթիւ այլ բաներ։ Այո՛, նաեւ մանտաթները դնելու հարցը մեր օրակարգից դուրս չի եկել, բայց դա կը լինի այն ժամանակ, երբ մենք կը տեսնենք, որ դրանով կը հասնենք մեր վերջնական նպատակին՝ փոխել կապիտուլացուած իշխանութեանը, երկրում վերականգնել ազգային իշխանութիւն եւ ձեւաւորել սահմանադրական կարգ», յայտարարեց պատգամաւորը։

Մինասեանը վստահեցուց՝ «Հայաստան» խմբակցութեան 29 պատգամաւորները, որոնցմէ 3-ը կը գտնուին, իր խօսքով, ապօրինի կալանքի տակ, կաշկանդուած չեն որեւէ մանտաթի կամ կարգավիճակի առկայութեամբ։

Անդրադառնալով ԱԺ խորհուրդի նիստի չկայանալուն՝ ընդդիմադիր խմբակցութեան ղեկավարը յայտարարեց․ «Այն, ինչ երէկ արեց ԱԺ ղեկավարութիւնը, ակնյայտ ապօրինութիւն է, որը եւս մէկ անգամ բացայայտում է այս իշխանութեան հակաօրինական, հակասահմանադրական, հակաազգային, հակապետական գործունէութիւնը»։