Պաղեստինի վարչակազմի ղեկավար Մահմուտ Ապպաս 18 տարուան ընթացքին առաջին անգամ այցելած է Սուրիա: Լրատուամիջոցները նշած են, որ ան սահմանը հատած է Յորդանանի տարածքով:
Սուրիական SANA գործակալութիւնը յայտնած է, որ Դամասկոսի ժողովրդական պալատին մէջ Ապպասի գլխաւորած պատուիրակութիւնը ընդունած են Սուրիոյ նախագահ Ահմատ Շարըհն ու արտաքին գործոց նախարար Ասատ ալ-Շեյպանին:
Այլ մանրամասներ դեռ չեն հաղորդուիր: