image

Պլինքըն Ռամմալայի մէջ հանդիպած է Ապպասին

Պլինքըն Ռամմալայի մէջ հանդիպած է Ապպասին

Պաղեստինի առաջնորդ Մահմուտ Ապպասը Ռամալլայի մէջ հանդիպած է Միացեալ նահանգներու Արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքընի հետ, գրած է newsru.co.il-ը:

Իսրայէլի մէջ շարք մը բանակցութիւններէն ու հանդիպումներէն ետք Միացեալ նահանգներու Արտաքին գործոց նախարար Պլինքըն ժամանած է Ռամալլա, ուր հանդիպած է Պաղեստինի ինքնավարութեան նախագահ Մահմուտ Ապպասի հետ։

Բանակցութիւնները տեղի ունեցած են Մուքաթայի մէջ՝ Ապպասի նստավայրին մէջ։ Հիմնական թեմաներն էին իրավիճակը Կազայի հատուածին եւ Յորդանան գետի Արեւմտեան ափին մէջ, ուր Իսրայէլի պաշտպանութեան բանակը, սահմանային ոստիկանութիւնը եւ իսրայէլեան հետախուզական ծառայութիւնները կը շարունակեն «ահաբեկչութեան» դէմ պատերազմը, որ սկսած էր հոկտեմբեր 7-ին Իսրայէլի վրայ ահաբեկչութենէն ետք։